2013-09-17 08:44:53

Նալբանդեան Պիտի Այցելէ Վարշաւա, Հռոմ Եւ Վատիկան:


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր` 17 սեպտեմբերին կը մեկնի Վարշաւա, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հետ:
18-20 սեպտեմբերին նախարար Նալբանդեան պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմ. այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Իտալիոյ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ: Նախատեսուած է նաեւ Էդուարդ Նալբանդեանի դասախօսութիւնը Միջազգային յարաբերութիւններու իտալական հիմնարկին մէջ:
19 սեպտեմբերին Էդուարդ Նալբանդեան պիտի մասնակցի Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Վատիկանի մէջ Նալբանդեան հանդիպում պիտի ունենայ Ս. Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու գծով քարտուղար Տոմինիք Մամպերթիի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.