Ամերիկեան Ծովուժի Կեդրոնին Վրայ Յարձակում Մը Առնուազն 12 Զոհ Կը Խլէ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող ծովուժի մէկ կեդրոնին վրայ Երկուշաբթի,
Սեպտեմբեր 16ին տեղի ունեցած զինեալ յարձակումի մը հետեւանքով առնուազն 12 հոգի սպաննուեցաւ
եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 10 ուրիշներ: Ըստ նախնական տուեալներու՝ զինուորական տարազներով
երեք զինեալներ մասնակցած են յարձակումին. անոնցմէ մէկը սպաննուած է, իսկ երկուքը կը
հետապնդուին: Յարձակումին դրդապատճառը ցարդ չէ բացայայտուած, սակայն յետմիջօրէին տեղեկացուեցաւ,
թէ սպաննուած զինեալը Թեքսասէն 34ամեայ Էրըմ Ալեքսիս անունով քաղաքացի մըն էր: