2013-09-16 12:29:40

Ղպտիներու Օրթոտոքս Պատրիարքը Խնդրած է Եգիպտոսի Սահմանադրութեան Բարեփոխութիւնը


''Եկեղեցիները կը մերժեն մահմետականութեան ծայրայեղ տեսութիւնը։''
Ղպտիներու Օրթոտոքս պատրիարք` Թաուատրոս Բ, խնդրած է սահմանադրութեան ատեանէն որ բարեփոխութիւններ ներմուծէ 2012-ի սահմանադրութեան թիւ 3 յօդուածին։ Պատրիարքը կը բաղձայ որ ''Եգիպտացի քրիստոնեայ եւ Եգիպտացի հրեայ'' բառերը բարեփոխել ''ոչ-մահմետական'' բառերով։ Սահմանադրութեան պատասխանատու նախագահ` Ամր Մուսա տեսակցութիւն ունեցած է Պատրիարք Թաուատրոսին հետ, Ս. Մարկոսի եկեղեցւոյ մէջ, եւ անոր երաշխաւորած է որ նոր սահմանադրութիւնը քաղաքացիական բնոյթ պիտի ունենայ, առանց խառնաշփոթութիւն ստեղծելու պետութեան ու կրօնքի միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.