Դամասկոսի մէջ «Ազդակ» օրաթերթի թղթակիցը հաղորդեց, որ մինչ դիւանագիտական յարաբերութիւնները
կ՛աշխուժանան սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու նպատակով, գետնի վրայ բախումները
կը շարունակուին: Մերթ ընդ մերթ կը լսուին պատերազմական օդանաւերու եւ թնդանօթներու հարուածները`
ուղղուած Շապաայի, Ժոպարի եւ Հարասթայի մէջ գտնուող զինեալներուն դէմ: Դամասկոսի մէջ
տակաւին կը շարունակուին խաղաղ թաղամասերուն վրայ հրասանդի հրթիռներու հարուածները. կիրակի
օր մայրաքաղաքի կեդրոնական Հիճազ, Մարժէ եւ Ժորժ Խուրի թաղամասերուն վրայ ինկան կարգ
մը հրթիռներ` պատճառելով նիւթական վնասներ: Միւս կողմէ, ինչպէս որ կրթութեան նախարարութիւնը
վերամուտը ճշդած էր, երէկ Սուրիոյ մէջ պետական վարժարանները բացին իրենց դռները: Իսկ
հայկական վարժարանները իրենց դասաւանդութիւններուն կը սկսին եկող շաբթուան ընթացքին: Միւս
կողմէ, «Ազդակ»-ի թղթակիցը տեղեկացուց նաեւ, որ երկու օրէ ի վեր ծանր մարտեր կ՛ընթանան
Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն շրջակայքի շրջաններուն մէջ, ուր կը լսուին ամէն տեսակի զէնքերու
ձայները: Միութենական գործունէութիւնները կը շարունակուին. երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի
փոքրիկներու ամառնային դասընթացքի աւարտական հանդէսը` ժողովուրդին մօտ խանդավառութիւն
ստեղծելով: Երէկ առաւօտ հալէպահայ հաւատացեալները խուռներամ ուղղուեցան Վիլլաներու
շրջանը գտնուող Ս. Աստուածածին եւ Նոր Գիւղ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները`
Խաչվերաց տօնելու համար: Յիշենք, որ տակաւին Հալէպի մէջ համացանցի կապերը չեն գործեր
եւ Հալէպի հետ քաղաքներէն եւ միջազգային կապ հաստատելը դժուար է, սակայն ներքին քաղաքային
եւ բջիջային կապերը ի զօրու են: