2013-09-16 12:20:06

Արամ Խաչատուրեանի Ծննդեան 110-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս Թոքիոյի Մէջ


Սեպտեմբերի 12-ին Թոքիոյի Եամահա-գինզա կեդրոնէն ներս Ճաբոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, նաեւ` “YAMAHA” եւ “ZEN-ON MUSIC” ընկերութիւններու նախաձեռնութեամբ բացուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մեծանուն երաժշտահանի հարուստ ստեղծագործական ուղին պատկերող լուսանկարներ, ստեղծագործութիւններու հաւաքածուն, անոր նուիրուած գիրքերու ժողովածուն, տեսասկաւառակներ ու ձայնասկաւառակներ:
Թոքիոյի երաժշտասէրներու համար ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ Հոկտեմբեր 15, ապա մինչեւ տարեվերջ ան կը տեղափոխուի Ճաբոնի Օսակա եւ Նագոյա քաղաքներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.