2013-09-16 12:19:44

Անգարայի Մէջ. Թրքական Ոստիկանութիւն-Ցուցարարներ Բախում


Թրքական կառավարութեան հակառակորդ ցուցարարներ շաբաթ գիշեր Անգարայի թաղերուն մէջ հրդեհներ յառաջացուցին, հետեւաբար թրքական ոստիկանութիւնը ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց այդ հրդեհները մարելու համար:
Ոստիկանութիւնը նաեւ կրակներուն շուրջ հաւաքուած եւ պայթուցիկներ նետող դիմակաւոր ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազ օգտագործեց:
Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ հակակառավարական ցոյցերը վերստին թափ ստացան, երբ անցեալ երեքշաբթի օր Անտիոքի մէջ ոստիկանութեան հետ բախումներու ընթացքին երիտասարդ ցուցարար մը սպաննուեցաւ:
Երիտասարդ ցուցարարը մահացաւ, երբ շէնքէ մը վար ինկաւ: Անոր մահուան պայմաններուն շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:







All the contents on this site are copyrighted ©.