2013-09-15 13:09:37

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Գիրը Հայր խօսէ Կապրիէլ Պրոշէրօյի Երանացման Արարողութեան Սռթիւ


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետը շաբաթ 14 սեպտեմբերին Արժէնթինի մէջ տեղի ունեցած Հայր խօսէ Կապրիէլ Պրոշէրօյի Երանացման արարողութեան առթիւ նամակ մը գրած է Արժէնթինի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Նախագահ Գերապայծառ Խօսէ Մարիա Արանչէտօյին որուն մէջ մեծարած է նոր Երանելիի կենցաղը ու Անոր նուիրումը Յիսուսի եւ եղբայրներուն։
Սրբազան Քահանայապետը Հայր Խօսէն որակած է որպէս Հովիւ մը որ իր ''ոչխարներուն հոտը ունի'', որ աղքատ դարձաւ աղքատներուն մէջ եւ պայքար մղեց մօտիկ ըլլալու համար Աստուծոյ ու մարդկանց։ Ան ապա անդրադարձաւ Հայր Խօսէի հովուական գործունէութեան մասին որ ջորիի վրայ մէկ վայրէն միւս վայրը կը ճամբորդեր ՝Աստուծոյ Խօսքը տանելու ամէնուրէք։ Ան - ըսաւ Սրբազան Հայրը իր ժողովրդապետութեան ամէն մէկ անկիւնը կը ճանչնար։ ''Գուրա Պրոծէրօ'' ն ամէն մէկ ընտանիքի Յիսուսի այցելութիւնը կը մարմնացներ եւ կը խօսէր ամենուն հասկնալի լեզու մը որովհետեւ անոր խօսքերը սրտէն կը բխէին։ Խօսէ Կապրիէլ Պրօշէրօն աղօթքը դրած էր իր հովուական գործունէութեան կեդրոնը եւ այդ աղօթքի զօրութեամբ կարողացաւ սիրաշահիլ չարագործներու սրտերը եւս։ ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ խօսելով Պրոշէրօ Երանելի պատգամի արդիականութեան մասին որպէս քրիստոսի անխոնջ առաքեալ որ իր գործունթութիւնը ընդարձակեց ու հասաւ մինչեւ արուարձանները։ Ան ունկնդրեց Աստուծոյ ձայնը եւ ընտրեց գործել Աստուծոյ Արքայութեան համար եւ հասարակաց բարիքին իր առաքելութիւնը շարունակելով նոյնիսկ խուլ եւ համր վիաճկով։
Նորին Սրբութիւնը իր նամակը կ՝եզրափակէ խնդրելով Նոր Երանելիի բարեխօսութիւնը ու ապա ջամբեց իր արաքելական օրհնութիւնը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.