2013-09-14 09:57:26

Սուրիոյ Քիմիական Զէնքի Թղթածրարին Վերջ Տալու Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց քիմիական զէնքի տարածման արգիլման միջազգային համաձայնութեան միանալու Սուրիոյ որոշումը` նշելով, որ այդ որոշումը տագնապին վերջ տալու Սուրիոյ մտադրութեան անկեղծութիւնը ցոյց կու տայ:
«Կը կարծեմ, որ պէտք է այդպիսի որոշում մը ողջունենք… Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մըն է եւ այդ ուղղութիւնը որդեգրելու մեր սուրիացի գործընկերներու մտադրութեան անկեղծութիւնը կը հաստատէ», ըսաւ Փութին:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ քիմիական զէնքի հարցով ռուսական նախաձեռնութեան եւ քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու Դամասկոսի որոշումին: «Կ՛ուզենք զօրակցիլ այդ ջանքերուն», նշեց ան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց Սուրիոյ կառավարութեան այն նամակը, որ զինք տեղեակ կը պահէր, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակած է իր երկրին` քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման միջազգային համաձայնութեան միանալու մասին հրամանագիր մը:
Պան Քի Մունի բանբերը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ Քի Մուն ողջունած է նամակը, որ կը բացատրէր, թէ սուրիական իշխանութիւնները համաձայնութեան մէջ նշուած յանձնառութիւններուն տէր կը կանգնին նոյնիսկ Սուրիոյ համար անոր ուժի մէջ մտնելէն առաջ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կ՛ողջունէ քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու Դամասկոսի որոշումը:
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին նամակ մը յղած էր զինք տեղեակ պահելով, որ Սուրիա կը միանայ քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնագիրին, իսկ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ ուղերձ մը յղեց Քիմիական զէնքի արգիլման կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին` զինք տեղեակ պահելով սուրիական կառավարութեան որոշումէն:
Այսպիսով, Սուրիա դուրս կու գայ 1997-ին հրապարակուած համաձայնագիրը չստորագրած եօթը երկիրներու ցանկէն: Այդ համաձայնագիրը չստորագրած երկիրներու շարքին են Իսրայէլը, Եգիպտոսը եւ Հիւսիսային Քորէան:







All the contents on this site are copyrighted ©.