Գանատայի Եկեղեցիներու Աղօթքի Օրը Միջին Արեւելքի Համար։
Գանատայի Եկեղեցին շաբաթ 14 սեպտեմբերը, հռչակած է որպէս աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր
Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ի խնդիր։ Այս արարողութեամբ կ'եզրափակուի
նաեւ ''Զօրակցութիւն ի նպաստ Սուրիոյ'' նախաձեռնութիւնը, որ սկիզբ առած էր անցեալ 30
յունիսին, Գանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ։ Հաւաքուած դրամը կը յանձնուի
Սուրիոյ Գարիդասի բարեսիրական մարմնին։