2013-09-14 12:26:52

Արամ Արք. Աթեշեան Ահազանգ Կը Հնչեցնէ Թուրքիոյ Հայկական Եկեղեցիներու Ոչնչացման Վտանգին Շուրջ


«Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներուն թիւը օրէ օր կը նուազի», «Հապերլեր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ահազանգած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան:
Աթեշեան, որ Սիլվանէն է, ցաւ յայտնած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող Սասուն, Սիլվան եւ Պիթլիս բնակավայրերուն մէջ միայն տասը եկեղեցիներ մնացած են, մինչ անցեալին անոնց թիւը երկու հազարի կը հասնէր:
Աթեշեան նաեւ նշած է, որ Սասունի մէջ հայկական ծիսակատարութիւններ իրականացնելու շնորհիւ, Թուրքիան աւելի ազատ երկիր մը դարձած է:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը յիշած է, որ մինչեւ 1914 Թուրքիոյ մէջ կային 2170 եկեղեցիներ, սակայն ներկայիս կանգուն կը մնայ անոնցմէ միայն 45-ը:







All the contents on this site are copyrighted ©.