2013-09-13 11:53:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 13 Սեպտեմբերի Գործունէութիւնը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր ուրբաթ 13 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7-ին, սուրբ պատարագ մատոյց Տոմուս Սանդա Մարդայի Տան մատրան մէջ։ Այդ առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացնելով Յիսուսի խօսքին վրայ «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար, թէ աչքիդ մէջ գերան կայ:» (Մտ. 7.3-4) - ըսաւ` ''Այն անձը որ իր մերձաւորին դէմ կը չարախօսէ կեղծաւոր է եւ քաջութիւն չ՛ունի իր սխալները տեսնելու'' ու աւելցուց ` չարախօսութիւնը ''յանցագործութեան չափանիշ ունի'' քանի ամէն անգամ որ մեր եղբայրներուն դէմ կը խօսինք Կայէնի կատարած ոճիրը կը կրկնենք։'' Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց հայցելով ''մեզի ու համայն եկեղեցւոյ համար, ապաշխարանք եւ ոճրագործութենէն անցնիլ սիրոյ, խոնարհութեան եւ հեզութեան, ու մեծահոգի ըլլալ մերձաւորին հանդէպ։

Նորին Սրբութիւնը ապա առաւօտեան ժամը 11-ին ընդունեց Պրազիլի նոր անուանուած դեսպան` Տիար Տէնիս ֆոնդէս Տէ Սուզա Բինդօ, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Ժամը 11,30-ին ընդունց ֆոքոլարի շարժումի նախագահ` Տիկ Մարիա Էմմաուս Վոչէ հուսկ 12-ին ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը գերապայծառ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէր։

Իսկ յետմիջօրէի ժամը 17-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջշ ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն կը շնորհէ Երուսաղէմի ս. Թաղման Ասպետներու 3 հազար անդամներուն որոնք ուխտագնացութեամբ ժամանած են հռոմ։







All the contents on this site are copyrighted ©.