2013-09-13 11:03:48

Քերրի. «Ասատ Քիմիական Զէնքերուն Մասին Տեղեկութիւն Ներկայացնելու Համար 30 Օր Ունի».


ՄԱԿ-ի բանբեր Ֆարհան Հաք երէկ յայտարարեց, որ Սուրիայէն քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնագիրին միանալու փաստաթուղթ մը ստացած են: Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ` այդ համաձայնագիրին միանալը անոր ունեցած քիմիական զէնքերու վնասազերծման այլընտրանք մը չի կրնար ըլլալ: ՄԱԿ նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Սուրիա խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու, եթէ Ապահովութեան խորհուրդը ատիկա պահանջէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Սպիտակ տան մէջ իր վարչակազմի ժողովին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճոն Քերրիի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հանդիպումը արդիւնաւէտ ըլլայ: Վերջիններս իրենց հանդիպումին աւարտին տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ իրենք Սուրիոյ քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնագիրին միանալուն յանձնառու կը մնան:
Ան յոյս յայտնեց, որ ռուսական նախաձեռնութիւնը հարցը լուծէ առանց զինուորական քայլերու դիմելու անհրաժեշտութեան` նշելով, որ քիմիական զէնքերը միջազգային վերահսկողութեան տակ դնելը Սուրիոյ դէմ հարուածը անհարկի կը դարձնէ: Լաւրով ըսաւ, որ «դէպքերու զարգացումը մեզի կ’արտօնէ «Ժընեւ¬2» խորհրդաժողովի գումարման նոր առիթ ստեղծել»: Ան նշեց, որ իր քիմիական զէնքերու պահեստներուն մասին Սուրիոյ ներկայացուցած փաստաթուղթերը ուշի ուշով պիտի քննուին:
Քերրի իր կարգին ընդգծեց, որ Սուրիոյ շուրջ դիւանագիտական ջանքերու ձախողութեան պարագային զինուորական ընտրանքը տակաւին սեղանի վրայ է: Ան յայտարարեց, որ պէտք է աշխատանք տանիլ ռուսական առաջարկը ճշդուած մեքանիզմի մը եւ յստակ ժամանակամիջոցի մը հիմամբ գործադրելու:
Քերրի ըսաւ, որ Լաւրովի հետ «մարդոց կեանքերը փրկելու, Ժընեւի մէջ հաստատուած սկզբունքերը յարգելու եւ զանգուածային զէնքերու օգտագործումը կանխարգիլելու կարեւորութեան շուրջ» համաձայնութիւն գոյացուցած է: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ «Ասատ պէտք է իր խոստումները յարգէ, որովհետեւ միայն խօսքերը բաւարար չեն»` աւելցնելով, որ «Ասատ իր քիմիական զէնքերուն մասին տեղեկութիւն ներկայացնելու համար 30 օր ունի»:
Քերրի եւ Լաւրով այսօր եւ հաւանաբար շաբաթ օր եւս հանդիպում ունենան:







All the contents on this site are copyrighted ©.