2013-09-13 11:04:08

Պարաք Օպամա Խաղաղութիւն Հաստատելու Ուղերձ Մը Յղած է Սերժ Սարգսեանին


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ԱՄՆ նորանշանակ համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի ուղերձը: Նախագահի մամուլի գրասենեակէն Armenpress-ին փոխանցուած ուղերձի մէջ ըսուած է.
«Մեծարգոյ պարոն նախագահ,
Դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի Երեւան առաջին պաշտօնական այցի առիթով կ’ուզեմ Ձեզի յայտնել, որ ան` իբրեւ Մինսկի խումբի ԱՄՆ նոր համանախագահ, կը վայելէ իմ լիակատար աջակցութիւնը: Վերջերս անոր նշանակումը այդ պաշտօնին զօրաւոր ազդանշան է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցի մէջ կողմերուն օգնելու Միացեալ Նահանգներու տեւական ու աներկբայ պատրաստակամութեան մասին:
Յոյսով եմ, որ դեսպան Ուորլիքի դիւանագիտական հարուստ փորձն ու Ձեր պետութեան` յառաջընթացի ցանկութիւնը նոր լիցք կը հաղորդեն համանախագահներու գործունէութեան եւ խաղաղութեան գործընթացին: Կոչ կ’ընեմ Ձեզի յառաջիկայ ամիսներուն օգտագործել Ատրպէյճանի հետ ուղղակի երկխօսութեան հնարաւորութիւնները համանախագահներուն հետ ժամանակ եւ ունակութիւններ գտնելու դուրս գալու բանակցային գործընթացի ներկայ փակուղիէն: Քանզի փոխզիջումները ընդհանուր գիծերով արդէն իսկ յստակեցուած են, այժմ արդէն ժամանակն է նորովի ջանքեր գործադրել տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար»:
Նշենք, որ Ջեյմս Ուորլիքը տարածաշրջան է ժամանել սեպտեմբերի 9-ին: Այսօր նա Երեւանից մեկնել է Ստեփանակերտ եւ կը մասնակցի ԵԱՀԿ առաքելութեան` սեպտեմբերի 13-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ադրբեջանի զինուած ուժերի շփման գծի պլանային դիտարկմանը` Ասկերանի ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.