2013-09-13 12:06:42

Մոսկուայի Ու Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքի Նամակը ԱՄՆի Նախագահին։


''Միջազգային ահաբեկիչներ, աւազակախումբեր, օտար վարձաւորներ կը գործեն Սուրիոյ մէջ''։
Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը պատգամ մը ուղղած է ԱՄՆի նախագահ Օպամային խնդրելով որ հրաժարի Սուրիոյ դէմ զինեալ յարձակում կատարելէ եւ դիմելու դիւանագիտական միջոցներու, Սուրիոյ տագնապի լուծման համար, այժմ որ Սուրիոյ կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն ցոյց տուած է իր քիմիական զէնքերը Միջազգային հսկողութեան տակ դնելու։
Կիւրեղ Պատրիարքը կը զգուշացնէ նախագահ Օպաման հաստատելով որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապը հետեւանքն է միջազգային ահաբեկիչներու, աւազակախումբերու, օտար վարձաւորներու մասնակցութեան։ Խաղաղասէր միլիոնաւոր սուրիացիներուն համար զինեալ ընդհարումը դարձաւ առօրեայ Գողգոթա մը։ Մալուլա քրիստոնեայ քաղաքի բռնագրաւումը ընդդիմութեան կողմէ կը հաստատէ մեր համոզումը միջազգային ահաբեկիչներու ներկայութեան մասին - կը գրէ Պատրիարքը ու ապա իր պատգամի աւարտին կը մատնանշէ ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ 20-րդ դարուն կրած հալածանքներուն, երկու աշխարհամարտերու հետեւանքով ու անեւ ԱՄՆի ժողովուրդին, 11 սեպտեմբեր 2001-ին, կրած ահաբեկիչներու հրեշային յարձակումին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.