8-11 Սեպտեմբեր 2013-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին
մէջ, տեղի ունեցաւ ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովի «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ» բաժնի ատենապետներուն
ժողովը: Ժողովին մասնակցեցաւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ եւ «Միութեան
հրաւէր – միջ-եկեղեցական նոր արտայայտութիւններ» խօսակցութեան Ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ
Արք. Ալեէմէզեան: 21 «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ»-ու ատենապետներ լիակատար
նիստերով եւ խմμական հանդիպումներով մշակեցին համաժողովի այս կարեւոր բնագաւառը ու
առին նախապատրաստական անհրաժեշտ քայլերը: Յայտնենք, թէ ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովը
պիտի գումարուի 30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյմեբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ,
ընդհանուր թեմա ունենալով` «Կենսապաշխ Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ»
աղօթական խնդրանքը: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը
9 պատգամաւորներով եւ 2 ներկայացուցիչներով պիտի մասնակցի համաժողովին: Ժընեւ գտնուած
օրերուն, Նարեկ Սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ ԵՀԽ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին եւ զանազան
μաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ ու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ ներկայ
իրավիճակը քննարկեց: