2013-09-13 11:58:47

Երուսաղէմի Ս. Թաղման Ասպետներու Միջազգային Ուխտագնացութիւնը Հռոմ։


13-15 սեպտեմբեր, Հռոմի մէջ տեղի կ'ունենայ Երուսաղէմի ս. Թաղման Ասպետներու միջազգային ուխտագնացութիւնը։ Յայտագիրը սկիզբ առաւ ուրբաթ առաւօտեան ժամը 10-ին Տիրամօր աւագ պազելիքայի մէջ մատուցած ս. պատարագով։ Իսկ յետմիջօրէին, Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը գերապայծառ ֆիզիքելլան դասախօսութիւն մը կը կատարէ ուխտաւորներուն, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ու ապա տեղի կ՛ունենայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպումը։ Ուխտագնացութիւնը կ'եզրափակուի ս. պատարագով, կիրակի 15 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին ս. Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.