2013-09-13 12:17:49

Եգիպտոսի Ղպտիներու Պատրիարքը Վերսկսաւ Իր Շաբաթական Ունկնդրութիւնները։


''Մահմետականներէն սպաննուած քրիստոնեաները նահատակներ են։''

Երկրին մէջ տիրող իսլամ եղբայրներու յարուցած խռովութիւններուն, որուն հետեւանքով Մոհամմատ Մորսի նախագահը տապալեցաւ, 10 շաբաթներ առկախելէ ետք իր հրապարակային ուկնդրութիւնները, Ղպտիներու Օրթոտոքս Պատրիարքը` գերերջանիկ Թաուատրոս, անցեալ 11 սեպտեմբերին վերսկսաւ հերթական հրապարակային ունկնդրութիւնները, որ տեղի կ'ունենան ամէն չորեքշաբթի օր յետմիջօրէին Գահիրէի ս. Մարկոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Անցեալ 11 սեպտեմբերի ունկնդրութեան ընթացքին Պատրիարքը բացայայտօրէն ըսաւ. ''օգոստոսի խռովութիւններուն սպաննուած քրիստոնեաները, իսլամ եղբայրներու կողմէ, պէտք է նկատել որպէս Քրիստոսի նոր նահատակներ''։
Յայտնենք որ Ղպտի եկեղեցւոյ աւանդական տօնացոյցին համաձայն, 11 սեպտեմբերը, Նայրուզ է այսինքն Ամանոր եւ չորեքշաբթի 11 սեպտեմբերը նկատուած է 1730 տարուան առաջին օր։Ղպտի տարեցոյցը, որ նաեւ կը կոչուի ''նահատակներու տարեցոյց'' սկիզբ առաւ 11 սեպտեմբեր 284 թուականին, ըստ Գրիգորեան տարեցոյցին։Այդ տարին Հռոմի մէջ իշխանութեան բարձրացաւ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն հալածիչը` Դիոկղետիանոս կայսեր ։
Պատրիարքը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ըսաւ` աշխարհը կը փրկուի որովհետեւ Աստուծոյ ձեռքերու մէջ է ու Եգիպտոսը յատուկ տեղ կը գրաւէ Անոր սրտին մէջ։Աստուած մեզի կը պարգեւէ նահատակներու հաւատքն ու վստահութիւնը, որպէսզի ոխ չտածենք հանդէպ մեր հակառակորդներուն, հետեւաբար - ըսաւ Պատրիարքը - թոյլ չտանք որ մեր սիրտը ատելութեամբ ու ոխով լեցուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.