2013-09-13 11:03:59

30 Ամսուան Ընթացքին Սուրիոյ Մէջ Վնասուած է 33 Եկեղեցի


Անցնող 30 ամիսներուն ընթացքին, Սուրիոյ մէջ վնասուած է (ամբողջութեամբ կամ մասամբ) մօտ 33 եկեղեցի, որոնցմէ 10 եկեղեցի Հոմս քաղաքի մէջ, 7 Հալէպի, 5 Դամասկոսի, 5 Տէր-Զօրի, 3 Լաթաքիոյ, 2 Իտլիպի, 1 Րաքքայի մէջ։
Պատերազմի ընթացքին աւերուած են նաեւ 1451 մզկիթ, աւելի քան 3700 դպրոց եւ մօտ 270 հիւանդանոց։
Ընդհանուր առմամբ քանդուած է 3 միլիոն կառոյց, որոնցմէ մօտ 850 000 բնակարան ամբողջութեամբ աւերուած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.