2013-09-12 13:28:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 12 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Թայլանտիայի Վարչապետ Տիկ Եինկլուք Շինաուադրա ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Ժամը 11,30-ին ընդունեց Ամերիկիան Նահանգներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Տիար Խօսէ Միկէլ Ինսուլզա ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Ժամը 12-ին ընդունեց ֆիրենցէի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ճուզեփփէ Պեթորի իսկ ժամը 12,30-ին ընդունեց Գուպայի դեսպանը Թտուարտօ Տէլկատօ Պէրմուտէզ հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։

Յայտնենք որ այս առաւօտեան ժամը 7-ին Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ըսաւ

Յիսուսի խնդրանքները հասկնալու համար պէտք ունինք Տիրամօր քաղցրութեան`
''Սիրեցէք ձեր թշնամիները , բարիք ըրէք անոնց առանց անոնցմէ հատուցում ակնկալելու։Ձեր վերարկուն գողցողին, տուէք ձեր մնացած զգեստները։Ուժեղ խօսքեր են։Բայց այս բոլորը Տիրամայրը ապրեցաւ իւրայատուկ կերպով` հեզութեան եւ քաղցրութեան շնորհքով։
Միայն Յիսուսի մտածել։ Եթէ մեր սիրտը եւ միտքը Յիսուսի հետն է, Յաղթականը ՝ որ յաղթեց մահուան, մեղքին եւ սատանային, կրնանք գործադրել այն ինչ որ Ան եւ Պօղոս առաքեալ կը խնդրեն մեզմէ` հեզութիւն. խոնհարութիւն, բարութիւն, գորով, քաղցրաբանութիւն, վեհանձնութիւն։ Իսկ եթէ մեր աչքերը չի սեւեռենք Յիսուսի, եթէ Յիսուսի հետ չենք, կարող չենք այդ բոլորը կատարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.