2013-09-12 08:05:32

Սուրիոյ Քրիստոնէական Մաալուլա Գիւղը Դարձեալ Ազատ է


Սեպտեմբեր 10-ի երեկոյեան Սուրիոյ ընդդիմադիրները յայտարարած են, որ քրիստոնէական Մաալուլա գիւղէն (զոր գրաւած էին երկու օր շարունակ) դուրս ելած են, ընդիմադիրներէն ներկայացուցիչ մը տեսանիւթով յայտարարած է, որ իրենք Մաալուլան ազատ կը թուղուն, պայմանաւ որ Սուրիական զօրքը այնտեղ մուտք չգործէ։ Այս մասին կը յայտնէ RT-ին։
Միւս կողմէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնած է., որ Սուրիական զօրքը Մաալուլա գիւղի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերու վրայ պայքար մղած է “Ճապհաթ ալ Նասրա” ընդդիմադիր ճակատին դէմ եւ մեծ վնասներ հասցուցած անոնց։ Այլ աղբիւրներ սակայն կը հերքեն այս լուրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.