2013-09-12 09:42:10

Սուրիացի Փախստականներու Թիւը Գերազանցեց 2 Միլիոնը


12 ամիսէ ասդին սուրիայէն փախուստ տուած են 1,8 միլիոն անհատ։ Անոնցմէ 97 տոկոսը ապաստան գտած են Սուրիոյ սահմանի քովընտի երկիրներուն մէջ։ Օգոստոսի վերջ, փախստականներու թիւերու տուաելները կը նշէին թէ 110 հազար սուրիացի գաղթականներ ապաստան գտած են Եգիպտոս, 168 հազարը Իրագ, 515 հազարը Յորդանան, 716 հազարը Լիբանան եւ 460 հազարը Թուրքիայ։ Այս թիւերու 52 տոկոսը բաղկացած է մանունկներէ եւ 17 տարեկանը չ՛ամբողջացուցած երիտասարդներէ։ Իսկ Սուրիոյ հողերու վրայ տեղահաններու թիւը, Միացաել Ազգերու տուեալներու համաձայն, 4,25 միլիոն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.