2013-09-12 09:16:39

ԱՄՆի Կաթողիկէներու Զօրաշարժը Ի Խնդիր Գաղթականութեան Քաղաքականութեան Մարդկայնացումին։


Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ եպիսկոպոսներն ու քահանաները մտադիր են պատգամ մը ուղղել երկրի ղեկավարներուն, հրաւիրելով զանոնք բարեփոխելու երկրի գաղթականութեան քաղաքականութիւնը։
Կիրակի 8 սեպտեմբերին ԱՄՆի բազմաթիւ ժողորդապետութիւններուն մէջ, կիրակնօրեայ պատարագի ընթացքին, կղերը՝ հաւատացեալներէն խնդրեց դիմել պետութեան՝ վերատեսելու համար գաղթականութեան օրէնքը ու հեշտացնելու քաղաքացիութեան շնորհումը ապօրինի փախստականներուն եւ գաղթականներուն։ Յայտնենք որ այս նախաձեռնութեամբ կաթողիկէ եկեղեցին ոչ միան Աւետարանի հրամանին կ'ուզէ հետեւիլ այլեւ կ'ուզէ օգնութեան հասնիլ Օպամայի վարչութեան ներկայացուցած գաղթականութեան նոր օրէնքի ծրագրին, որուն կը հակառակին հանրապետական կուսակցութեան անդամները։







All the contents on this site are copyrighted ©.