2013-09-11 12:48:24

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Այցելութիւնը Յիսուսեաններու Գաղթականներու ''Ասդալլլի'' Կեդրոնին։


Երեքշաբթի 10 սեպտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելութիւն կատարեց Ասդալլի բարեգործական կեդրոնին, ուր Յիսուսեան հայրերը ծառայութիւն կը մատուցանեն փախստականներուն ու քաղաքական ապաստանութիւն դիմողներուն։

Նորին Սրբութիւնը կեդրոնը հասաւ ժամը 15.30-ին մինչ կեդրոնը յաճախողները ճաշարան կը գտնուէին։Սրբազան Հայրը անմիջապէս ճաշասեղան իջաւ ուր ողջունեց փախստականներն ու կամաւորները եւ խօսակցեցաւ շուրջ 20 հոգիներու հետ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա անցաւ ''Յիսուս''ի անուան նուիրուած Եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի զանազան պատասխանատուներու հետ, ներկայութեամբ Հռոմի տեղապահ Արքեպսիկոպոս` կարտինալ Վալլինիի եւ թեմի օգնական եպիսկոպոսներուն։
Բարի գալուստի խօսքը ուղղեցին` կեդրոնի պատասխանատու Յիսուսեան հայր Ճովաննի Լամաննա եւ սուտանցի ու սուրիացի երկու փախստականներեր։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ կոչ ըրաւ դժուարութեան մէջ գտնւող օտարներու հիւրընկալութեան ի խնդիր եւ հրաւիրեց կրօնաւորական միաբանութիւնները լայն բանալու թափուր վանքերու իերնց դռները ՝ օտարներուն։
Խօսքը ուղղելով փախստականերուն Ան ըսաւ`. ''ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ կը կրէ մարդկային ու հոգեւոր հարստութիւն մը եւ այդ հարստութենէն պէտք չէ վախնանք։
Խօսքը ուղղելով ապա կղերին ըսաւ`. Եկեղեցին եղած է ծառայելու, ընկերանալու եւ պաշտպանելու։Տէրը, Եկեղեցին կը հրաւիրէ աւելի քաջութեամբ ու առատաձեռնութեամբ ընդունելու օտարները մեր վանքերու ու հաստատութիւններու հարկէն ներս։
Հանդիպումը վերջ գտաւ յատուկ աղօթքով մը, շարադրուած Յիսուսեաններու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր` հայր Ալֆոնսօ Նիքոլասի կողմէ։ Սրբազան Հայրը հուսկ ուղղուեցաւ հայր Առուբէի գերեզմանը, հիմնադիրը Ասդալլի կեդրոնին, որուն տապանաքարին վրայ զետեղեց ծաղկեփունջ մը։
Ֆրանչիսկոս Արբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը կայացաւ Անոր Լամբետուզա կատարած այցելութենէն երկու ամիս ետք, ուր խստիւ դատապարտած էր միջազգային հասարակութեան վերաբերմունքը գաղթականներու հանդէպ` զայն որակելով ''համաշխարահականացումի անտարբերութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.