2013-09-11 10:04:29

«Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերը Միջազգային Հսկողութեան Տակ Առնելու Նախաձեռնութիւնը Ամբողջովին Ռուսական Չէ» Ըսաւ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ առնելու նախաձեռնութիւնը ամբողջովին ռուսական չէ, այլ արդիւնք է Միացեալ Նահանգներու հետ խորհրդակցութեանց` նշելով, որ Մոսկուա Սուրիոյ հետ աշխատանք կը տանի այդ նախաձեռնութեան գործադրութեան համար ծրագիր պատրաստելու:
Լաւրով ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այդ նախաձեռնութիւնը «հաւանական բեկում» նկատած է: Ան յայտնեց, որ միջազգային մասնագէտները պէտք է Սուրիա վերադառնան իրենց առաքելութիւնը ամբողջացնելու եւ իրենց զեկուցումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու համար:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն դեսպան Վիթալի Չուրքին յոյս յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ ականջ տան ռուսական նախաձեռնութեան», որ «լուրջ քայլ» մըն է:
«Եթէ Ուաշինկթըն Սուրիոյ դէմ յարձակում շղթայազերծէ, վերջ պիտի տայ այդ երկրին մէջ քաղաքական լուծում մը գտնելու առիթներուն, եւ ատիկա Սուրիոյ համար աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ այդ պատերազմը Միացեալ Նահանգներու համար այլ Վիեթնամի կամ Իրաքի մը պիտի վերածուի»` զգուշացնելով, որ «Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածին ազդեցութիւնները դժուար է նախատեսել»:
Ան նշեց, որ «ամերիկացի պաշտօնատարները կ՛ըսեն, որ մտադիր են արգելք հանդիսանալ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր քիմիական զէնքերը անգամ մը եւս օգտագործէ, եւ շատ չենք հասկնար, թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէ, սակայն հաւանական է, որ այդ մէկը պատճառ դառնայ, որ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնքերուն վրայ վերահսկողութիւնը կորսնցնէ, ինչ որ իր կարգին անոնց ծայրայեղականներուն ձեռքը իյնալու հաւանականութիւնը կը բարձրացնէ»:
Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով յայտնեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ տագնապին Միացեալ Նահանգներու զինուորական լուծումի նեղ կացութեան մէջ ընկղմած նախագահ Պարաք Օպամային ելք մը ստեղծեց` նշելով, որ ռուսական նախաձեռնութեան Դամասկոսի կողմէ ընդունումը չի նշանակեր, որ վերջինս քիմիական զէնքեր ունենալը կը հաստատէ: Ան այն կարծիքը յայտնեց, որ ռուսական առաջարկը Օպաման կրնայ փրկել շղթայազերծելէ պատերազմ մը, որ իբրեւ խաղաղութիւն հաստատող եւ խաղաղութեան նոպելեան մրցանակակիր անոր վարկը կրնայ հարուածել:







All the contents on this site are copyrighted ©.