2013-09-10 09:34:58

Քերրի. «Ասատ Կրնայ Յարձակումի Ենթարկուելէն Խուսափիլ, Եթէ Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Իր Բոլոր Քիմիական Զէնքերը Միջազգային Ընտանիքին Յանձնէ»


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ եւրոպական մայրաքաղաքներ իր շրջապտոյտին վերջին հանգրուանին Լոնտոնի մէջ բրիտանացի իր պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերը պէտք է բանակցութեանց սեղանին շուրջ հաւաքել, իսկ առաջնահերթութիւնը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելն է: Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը քաղաքական է եւ ոչ թէ զինուորական:
Քերրի ըսաւ, որ Օպամա գիտէ, թէ Քոնկրեսի լիազօրութիւնը խնդրելով դժուար որոշում մը տուած է եւ այդ լիազօրութեան որդեգրումը դիւրին պիտի չըլլայ: «Վստահ եմ, որ Քոնկրեսը ուշադիր կերպով պիտի լսէ Սուրիոյ վերաբերեալ Օպամայի բանաձեւը», նշեց ան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին «քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար տարիներու պիտի կարօտինք, եթէ հիմա Ասատը չդիմակայենք»:
Ան ընդգծեց, որ «քիմիական զէնքը անգամ մը եւս օգտագործելու առիթ պէտք չէ տրուի Ասատին»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ձեռնածալ մնալու վտանգը աւելի մեծ է, քան քայլերու ձեռնարկելը:
Քերրի ըսաւ, որ «Դամասկոսի մէջ Ղութայի դէմ արձակուած քիմիական հրթիռներու աղբիւրը հետապնդեցինք, եւ Սուրիա ու Իրան ընդունեցին, որ քիմիական զէնքով յարձակում կատարուած է, սակայն կը փորձեն ամբաստանել կողմեր, որոնք այդ զէնքը չունին»` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը քիմիական զէնք չունի եւ զայն օգտագործել չի գիտեր:
Քերրի ըսաւ, որ «նոր պատերազմի մասին չենք խօսիր, այլ կը փորձենք Ասատը հաշուետուութեան կանչել` առանց որեւէ զինուոր ուղարկելու եւ նպատակասլաց, սահմանափակ եւ կարճաժամէտ ձեւով»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ասատ կրնայ յարձակումէն փրկուիլ, եթէ քիմիական զէնքերը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին միջազգային ընտանիքին յանձնէ»:
Նշենք, որ ամերիկեան «Տը Տէյլի Քոլըր» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Քոնկրեսի որոշ անդամներ առաջարկած են սուրիական վարչակազմին 45 օր ժամանակ տալ` քիմիական զէնքի արգիլման մասին համաձայնագիրը ստորագրելու եւ մնացած քիմիական նիւթերու պաշարը ոչնչացնելու համար»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ քիմիական զէնքի օգտագործումը անպատիժ չի կրնար մնալ եւ պէտք չէ Ասատի` քիմիական զէնքի օգտագործման հերքումին հաւատալ: Ան ըսաւ, որ «Քերրիի հետ համաձայնեցանք, որ Սուրիոյ համար միայն քաղաքական լուծում կրնայ ըլլալ, եւ Ռուսիոյ հետ քաղաքական լուծումի մը համար աշխատանքը պիտի շարունակենք»` աւելցնելով, որ Լոնտոն պիտի շարունակէ Սուրիոյ դէմ հարուածին հարցով Ուաշինկթընին դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերել:







All the contents on this site are copyrighted ©.