2013-09-10 11:01:49

Սուրիոյ Փոքրամասնութիւնները Պաշտպանելու Վրայ Շեշտ Դնելու Կոչ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շուէտացի յայտնի լրագրող Նուրի Քինօ, որ Միջին Արեւելքի երկիրներու մասնագէտ է, երկրորդական կը նկատէ Սուրիոյ վրայ ամերիկեան յարձակումի մը վտանգը ու կը շեշտէ, թէ ներկայիս աւելի վտանգաւոր է քրիստոնեաներու եւ ալաուիներու դէմ ծայրայեղ ազգայնապաշտներու կողմէ հաւանական արշաւին վտանգը։ Ան կը գրէ, թէ Սուրիոյ մէջ ցեղային եւ կրօնական մղումներով «մաքրագործում»ի վտանգ կայ՝ պնդելով, որ Սուրիոյ Թապքայի շրջանը քրիստոնեաներու վրայ ճնշում կը գործադրուի, որպէսզի անոնք լքեն իրենց բնակարանները։
««Քայիտա»ի կապուած խմբակներ քրիստոնեայ ժողովուրդին վրայ ճնշում կը բանեցնեն՝ ըսելով. «Կա՛մ իսլամացէք, կա՛մ հեռացէք այս տարածքէն»», կ՛աւելցնէ ան։ Քինօ կոչ կ՛ընէ Ամերիկայի, որ իր պաշտպանութեան տակ առնէ Սուրիոյ քրիստոնեաները, բայց վստահ է, որ «Ամերիկա անոնց համար իր ճկոյթ մատն իսկ պիտի չխաղցնէ»։ Քինօ կը շեշտէ, որ քիւրտերու վրայ յարձակումները կը յիշեցնեն 1914-15 թուականներուն հայերու, ասորիներու եւ յոյներու վրայ կատարուած յարձակումները։ «Այդ շրջանին կայսերապաշտ քաղաքականութիւն մը, թուրք ազգայնապաշտ մտայնութիւն մը, իսլամապաշտական շարժում մը խնդրոյ առարկայ էր, իսկ այսօր ժամանակաշրջանի բոլոր մտայնութիւններուն դէմ այլամերժական լուրջ վտանգ մը խնդրոյ առարկայ է», կը գրէ ան։ Անդրադառնալով քիմիական զէնքի հարցին՝ Քինօ կը յայտնէ, թէ «մաշած պատմութիւն» է այս հարցը, որ մէջտեղ դրուեցաւ նաեւ Իրաքի մէջ։ «Ժողովուրդը այլեւս ձանձրացաւ այս պատմութիւններէն։ Սուրիոյ ժողովուրդը քիմիական զէնքի պատրուակով պէտք չէ վտանգի մատնել», կ՛եզրակացնէ ան։







All the contents on this site are copyrighted ©.