2013-09-10 09:35:50

Սուրիոյ Խաղաղութեան Եւ Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Աղօթքի Օր


ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր, Սուրիոյ արիւնալի տագնապը ծանրացումէ ծանրացում կ՛ընթանայ։ Ինչպէս մեր մայր հայրենիքն ու արտերկրի օճախները, նոյնպէս ալ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի մեր հայօճախի զաւակները նիւթական ու բարոյական իրենց աջակցութիւնը տրամադրեցին ու կը շարունակեն տրամադրել Սուրիոյ մեր հարազատներուն՝ յուսալով, որ այս խորշակը շուտով անցնի եւ Սուրիան ու իր ժողովուրդը վերագտնեն ապահով եւ խաղաղ վիճակ։ Յառաջիկայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 15ին՝ Խաչվերացի տօնին, ընդառաջելով Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի կոչին՝ հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն որոշումով հայկական բոլոր եկեղեցիները հռչակած են Աղօթքի Օր։ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, «Տէր Ողորմիա՛»ի պահուն, յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի՝ ի խնդիր Սուրիոյ խաղաղութեան, անոր ժողովուրդին եւ սուրիահայ մեր քոյրերու ու եղբայրներու ապահովութեան։
«Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ իրենց ձայները աղօթքով միացնեն իրարու՝ խնդրելով, որ ամենաբարին Աստուած խաղաղութեան ոգի ներշնչէ դէպքերու ընթացքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող կողմերուն եւ տագնապահար երկիրը, տառապեալ ժողովուրդը եւ սուրիահայ մեր գաղութի զաւակները առաջնորդէ խաղաղութեան նաւահանգիստ, ու հեռացնէ ամէն բռնազբօս եւ խափանարար միջամտութիւն», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.