2013-09-10 09:34:35

Սուրիան Ամերիկեան Հարուածէն Փրկելու Ձգտող Ռուսական Առաջարկ


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր սուրիացի պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմին յանձնած է սուրիական քիմիական զէնքերը վնասազերծելու եւ զանգուածային քանդումի զէնքերու տարածման արգիլման միջազգային համաձայնագիրին միանալու առաջարկ մը: «Եթէ քիմիական զէնքերուն վրայ միջազգային հսկողութեան հաստատումը զինուորական ուղղակի հարուածները կ’արգիլէ, սուրիական կառավարութեան հետ այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատինք», ըսաւ ան` նշելով, որ «սուրիական կառավարութենէն արագ ու դրական պատասխանի մը կը սպասենք»:
Սուրիական պատասխանը չուշացաւ: Մոալլեմ, որ տակաւին Մոսկուա կը գտնուէր, յայտարարեց, որ իրենք կ’ողջունեն ռուսական առաջարկը` նշելով, որ իրենք «մեր ժողովուրդը ամերիկեան յարձակումէն փրկելու ռուսական իմաստութեան վրայ վստահութիւն» ունին:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն ողջունեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու համաձայնութիւնը եւ զայն «դէպի յառաջ մեծ քայլ մը» նկատեց: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ ռուսական առաջարկը մանրամասն ուսումնասիրութեան արժանի եւ ընդունելի է, «սակայն պայմաններով»:
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածի ամերիկեան «հաւաստի սպառնալիքը» ռուսական առաջարկին առաջնորդած է, սակայն այդպիսի ծրագիր մը մանրակրկիտ քննարկումի կը կարօտի եւ Ուաշինկթըն սուրիական վարչակարգին վրայ վստահութիւն չունի: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են սուրիական քիմիական զէնքերու հարցը:
Քերրի երէկ Լոնտոնի մէջ յայտարարած էր, որ Ասատ ամերիկեան հարուածէն փրկուելու համար կրնայ իր բոլոր զէնքերը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ միջազգային ընտանիքին յանձնել, «սակայն այդպիսի բան պիտի չկատարէ եւ արդէն ատիկա իրագործելի ալ չէ»: Ամերիկացի պաշտօնատարներ աւելի ուշ յայտնեցին, որ Քերրի ճոռոմաբանութիւն կը կատարէր եւ ոչ թէ լուրջ առաջարկ մը կը ներկայացնէր:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Հարրի Ռիտ երէկ գիշեր յայտարարեց, որ Ծերակոյտը չորեքշաբթի օր պիտի քուէարկէ Սուրիան հարուածելու Օպամայի առաջարկ¬բանաձեւին շուրջ: Այդ առաջին քուէարկութիւնը բանաձեւի քննարկումը արտօնելու շուրջ պիտի ըլլայ: Բանաձեւը 100 աթոռներէ բաղկացած Ծերակոյտին կողմէ նկատի առնուելու համար պէտք է 60 քուէ ստանայ, իսկ հետագային որդեգրուելու համար` 51 քուէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.