2013-09-10 09:37:07

Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Անուան Տօնախմբութիւն


Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին պիտի կատարուի Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը։ Պատրիարքարանը այս թուականը յարմար նկատած է այն մտածումով, որ Վանի Աղթամար եկեղեցւոյ արարողութեան համար եկած ուխտաւորները կը մասնակցին նաեւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ տօնախմբութեան։ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի անդամներէն Կաֆուր Թիւրքայ ըսաւ, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ Տիարպեքիրի մէջ այսպիսի արարողութիւն մը կը կատարուի։ Կը կարծուի, թէ աշխարհի զանազան տեղերէն ժամանած մօտաւորապէս 500 ուխտաւորներ պիտի մասնակցին անոր։
Թիւրքայ յիշեցուց նաեւ, որ արարողութեան հրաւիրուած են Տիարպեքիրի զանազան քաղաքներու քաղաքապետներ ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.