2013-09-09 14:19:54

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Պատգամը Հանքային Ճարտարարուեստի Համաշխարհային Օրուան Առթիւ։


Հանքային ճարտարարուեստի համաշխարհային օրը, որ կը նշուի 7 սեպտեմբերին, հաստատուած է Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի կողմէ խորհրդածելու բնապահպանական ու ընկերային հարցերու շուրջ։

Այդ օրուան իրենց մասնակցութիւնը բերած են աշխարհի մեծագոյն հանքային ընկերութիւններու ղեկավարները։ Ժողովը գումարուած է Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կեդրոնին մէջ, ունենալով որպէս կէտնպատակ վերլուծել հանքային ճարտարարուեստի բարոյական գլխաւոր հարցերը հայող իրենց գործունէութեան մասնաւորապէս Ափրիկէի եւ թերաճ երկիրներոու մէջ։

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ժողովականներուն պատգամ մը ուղղած է, կարտինալ Պերթոնէի ստորագրութեամբ, իր գոհունակութիւնը յայտնելով ի տես բազմաթիւ բազմազգային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու համախմբումը ս. Պետրոսի յաջորդին շուրջ խորհրդածելու համար իրենց պատասխանատուութեան մասին յաչս մարդու եւ բնութեան։
Յաճախ հանքային ճարտարարուեստը կատուած է որպէս տեղական բնակիչներու անարդար շահագործում։ Դուք որպէս հանքային ճարտարարուեստի պատասխանատուներ կանչուած էք ներդաշնակութիւն պահելու գործատէրերու շահերուն ու բանուորներու արդար պահանջերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ պահպանելու բնութիւնը - գրած է քահանայապետը իր պատգամին մէջ ու աւելցուցած - այս ամէնը կը նպաստէ համաշխարհային խաղաղութեան։
Սրբազան Հայրը ապա իր աղօթքը բարձրացուցած է Ամենակալ Տիրոջ որպէսզի ժողովը կարողանայ հաւասարակշիռ վճիռներ առնել լաւագոյնս դիմագրաւելու խնդիրները եւ զօրակցելու հանքերու մէջ աշխատող բանուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.