2013-09-09 12:27:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 9 Սեպտեմբերի Գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 9 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 7-ին Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ '' Յոյսը լաւատեսութիւն չէ։ Յոյսը պարգեւ մըն է տրուած Սուրբ Հոգիէն, ինչպէս կը գրէ սուրբ Պօղոս։ Յոյսը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը- անուն մը կը ունի ու այդ անունը Յիսուս է։ Չենք կրնար ըսել յոյս ունիմ կեանքին վրայ, Աստուծոյ վրայ եթէ չ՝ըսենք Յոյս ունիմ Յիսուսի անձին վրայ որ ներկայ է Սուրբ հաղորդութեան եւ Խօսքին մէջ։

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը շարունակուեցաւ ժամը 11-ին իր գրասենեակի մէջ ընդունելով Լեհաստանի Նոր Դեսպան` Տիար Բիոդր Նովիմա Գոնոբքան` հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Ան ապա յաջորդաբար ընդունեց, Տոմինիքեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Պրունօ Գատորէ, Իտալական Բանուորական շարժումի նախագահ` Տիար ֆրանքօ Միանոն եւ Սուրբ Հոգւոյ Բարենորոգում Ազգային շարժումի նախագահ` Տիար Սալվատորէ Մարդինէզ։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Տիար Մադդէօ Գալիզիին ''Catholic Fraternity of Charismatic Covenant Communities and Fellowship'' շարժումի նախագահ եւ Տիկին Միշէլ Մորան ''International Catholic Charismatic Renewal Services'' շարժումի նախագահուհի։

Յայտնենք որ երեքշաբթի 10 սեպտեմբերին ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն պիտի կատարէ Յիսուսեաններու Ասդալլի կեդրոնին, մինչ առաւօտեան ժամը 10-ին Վատիկանի Պոլոնիա Անուան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի կառավարութեան վերին իշխանութեան պատասխանատուներու ժողովը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.