2013-09-09 13:20:36

Զարիֆ. «Ամէն Ջանք Կը Թափենք Սուրիոյ Դէմ
Յարձակումը Կանխարգիլելու Համար»


Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ բուռն կերպով դատապարտեց քիմիական զէնքի օգտագործումը, որ կողմէն ալ որ ըլլայ անիկա` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով Սուրիոյ տագնապը երկխօսութեան ճամբով լուծելու:
Ան իրաքցի իր պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շրջանին մէջ պատերազմներու վերսկսումը կանխարգիլելու կարեւորութիւնը շեշտեց` յայտարարելով, որ «մեր ամբողջ ջանքը կը թափենք Սուրիոյ դէմ յարձակում մը կանխարգիլելու համար, որովհետեւ անոնք, որոնք կ՛ուզեն պատերազմի սկսիլ, անոր վերջ տալու կարողութիւնը չունին»:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի իր կարգին «բուռն կերպով» դատապարտեց Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը` ընդգծելով, որ «իրաք Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակումի մեկնակէտ պիտի չըլլայ»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ դէմ հարուածը դրացի երկիրներուն, ներառեալ` Իրաքի վրայ պիտի ազդէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.