2013-09-08 11:43:14

Ծնունդ Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի (Սեպտեմբեր 8)


Տէրունական կը կոչուին այն կիրակիները եւ տօները՝ որոնք կը յիշատակեն խորհուրդներ ու դէպքեր առնչուած Ամենասուրբ Երրորդութեան Անձերուն, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչի, Ս. Եկեղեցւոյ. նոյնպէս Ս. Աստուածածնի տօները Տէրունական են՝ Տիրամօր ամէնանձուկ աղերսին համար հանդէպ Քրիստոսի կեանքին եւ խորհուրդներուն:
Ս. Ներսէս Շնորհալի՝ Վերափոխման տօնը ա՛լ աւելի հանդիսաւոր կը դարձնէ իննօրեայ տօնախմբութեամբ և կը ճոխացնէ շարականներով և գանձերով: Ամէնօրեայ պատարագի ընթացքին կը կարդացուին Աւետման, Ծննդեան, Եղիսաբեթի այցելութեան դրուագները: Զմմառու վանքը անուանակոչուած ըլլալով Ս. Աստուածածնի Վերափոխման, Ս. Պատարագ կը մատուցէ տարուան Աստուածածնայ նուիրուած բոլոր տօներուն. Աւետում՝ Մարտ 25, Ծնունդ Ս. Կուսին՝ Սեպտեմբեր 8, Ընծայում Ս. Աստուածածնի՝ Նոյեմբեր 21, Անարատ Յղութիւն Կուսին՝ Դեկտեմբեր 9:
Կիրակի 8 Սեպտեմբերին (2013) տօն է Ծննդեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի:


Ս. Աստուածածնի Տօնին Առթիւ Երկնաւոր Մօր նուիրուած այս շարականը .
Խնկի ծառին նման ես, պտուղ դու քաղցրահամ ես,
զԲարի պտուղ բերեալ ես, Աստուածածի´ն, մեղա՛յ քեզ…
Դու հողանիւթ սրովբէ ես, հարսն ի յերկրէ յերկինս ես,
զԱստուած մարմնով ծնեալ ես, Աստուածածի´ն, մեղա՛յ քեզ…
Դու յորդառատ աղբիւր ես, ծարաւելոց արբումն ես,
Մեղաւորաց քաւիչ ես, Աստուածածի´ն, մեղա՛յ քեզ…
Դու լուսեղէն տաճար ես, ոսկիապատ խորան ես,
Դու մարգարիտ, անգին ես, Աստուածածի´ն, մեղա՛յ քեզ:








All the contents on this site are copyrighted ©.