2013-09-07 09:06:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Աղօթքի Ու Ծոմապահութեան Օր Սուրիոյ Խաղաղութեան Համար։


Այսօր շաբաթ 7 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սլովաք Հանրապետութեան նոր դեսպան` Տիար Բիդէր Սոբքօ, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, ապա ժամը 11,20-ին ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն, հուսկ ժամը 12,20-ին ընդունեց Գամերինօ - Սան Սեվերինօ Մարքէ թէմի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս գերապայծառ ֆրանչէսքօ Ճիոյան։
Երեկոյեան ժամը 7-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կը նախագահէ Սուրիոյ համար աղօթքի ու ծոմապահութեան հսկումը։
Իսկ երէկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պարչէլլոնայի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Լուիս Մարդինէս Սիստաք ինչպէս նաեւ ընդունեց Հաւատոյ Վարդաղետութեան Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը։

Սուրբ Աստուածածնայ տօնին նախօրեակին, 7 սեպտեմբերի երեկոյեան, Վատիկանի ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, անցեալ կիրակի 1 սեպտեմբերին հռչակած, Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի ու ծոմապահութեան հսկումի երեկոն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ։

Հսկումի աղօթքի յայտագիրը կը նախատեսէ խոստովանանքի կարելիութիւն ժամը 17.45էն սկսեալ։ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պահանջով 50 խոստովանահայրեր ապաշխարութեան խորհուրդը պիտի մատակարարեն որովհետեւ ''իսկական խաղաղութիւն կը ծնի Աստուծոյ ու եղբայրակիցներուն հետ համերաշխ մարդու սրտէն''։

Ժամը 18.30-ին նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետին անցեալ կիրակի ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքին ընթացքին արտասանած կոչն ու հրաւէրին ընթերցումը աղօթքի եւ ծոմապահութեան այս երեկոյթի առընչութեամբ։

Ժամը 19-ին սկիզբ կ'առնէ աղօթքի հսկումը Սրբազան Քահանայապետի ծիսական աղօթքով որուն կը յաջորդէ ''Եկ Ս. Հոգի'' տաղը որպէսզի Ան ոգեւորէ եւ առաջնորդէ աղօթքի երեկոն։

Հուսկ տեղի կ՛ունենայ Ս. Կոյս Մարիամ` Թագուհի խաղաղութեան ուղղուած աղօթքը որուն ընթացքին թափօրով հրապարակ կը բերուի ''Salus populi Romani'' ս. Կոյս Մարիամի սրբանկարը, ապա սկիզբ կ'առնէ մարեմեան ս. վարդարանի աղօթքը։ Ամէն խորհուրդին սկիզբը, յետ ս. Գրային ընթերցումին, կ'արտասանուի Մանուկ Յիսուսի սրբուհի Թերեզայի մէկ բանաստեղծութիւնը եւ Թագուհի խաղաղութեան մարեմեան ուղղուած աղօթքը ''Խաղաղութեան Թագուհի աղօթէ մեզի համար''։

Վարդարանին աւարտին տեղի կ՛ունեանայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խորհրդածութիւնը որուն աւարտին սկիզբ կ'առնէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը որուն ընթացքին նախատեսուած են ս. գրային ընթերցում, խաղաղութեան աղօթք, հոգեւոր տաղ, եւ պահ մը լռութիւն։
Ժամը 22,15 էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ''ամփոփումի'' երկար պահ մը որ կ՛եզրափակուի ս. Հաղորդութեան օրհնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.