2013-09-07 21:39:38

Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Վրայ Խաղաղութեան Հսկումի Առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Արտասանած Քարոզը` ''Պատերազմը Խաղաղութեան Ձախողութիւնը կը Նշէ''


Շաբաթ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 18,30-էն սկսեալ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հռչակուած աղօթքի հսկում, նուիրուած` Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան։

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց հիմնուած Սուրբ Գիրքի Ծննդոց գիրքի հատուածներուն վրայ որուն սկիզբը ըսաւ`

''Եւ Աստուած տեսաւ որ բարի է''։ Սուրբ Գիրքի մէջ նկարագրուած աշխարհի եւ մարդկութեան պատմութեան սկզբնաւորութեան դէպքը մեզի կը խօսի Աստուծոյ մասին որ կը դիտէ իր արարչութիւնը եւ կը կրկնէ ''բարի է''։ ''Ի՞նչ իմաստ ունի այս պատգամը'' հարց տուաւ Քահանայապետը ու պատասխանեց`

''Այս պատգամը մեզի պարզապէս կը յայտնէ թէ այս մեր աշխարհը Աստուծոյ սրտին ու մտքին մէջ ''խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան տունն է''։ Վայրն է ուր ամէնքը կրնան իրենք զիրենք զգալ իրենց ''տան մէջ'' որովհետեւ ''բարի է''։

Համայն արարչութիւնը միասնական ներդաշնակութիւն մը կը կազմէ, նա մանաւանդ մարդիկը որ ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն, կը կազմեն մէկ ընտանիք ու յարաբերութիւնները յատկանշուած են իսկական եղբայրութեամբ։

Աստուծոյ աշխարհը աշխարհ մըն է ուր ամէն մին ինքզինք պատասխանատու կը զգայ միւսին հանդէպ, ու անոր բարիքը կը փնտռէ։ Այս գիշեր ամէն մէկը թող հարց տայ` ''Այ՞ս է աշխարհը զոր կը փափաքիմ եւ զոր սրտիս մէջ կը կրեմ։ Աշխարհը որ կը ցանկանք ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան աշխարհ մը չ՞է եւ իսկական ազատութիւնը բոլորին բարիքը փնտռող եւ սիրով առաջնորդուած ազատութիւնը չ՞է''։

''Հարց տանք նաեւ ի՞նչ աշխարհի մէջ կ՛ապրինք'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու անդրադարձաւ մարդու եսասիրութեան մասին որ կը յառաջացնէ ''բռնութիւն, բաժանում, հակառակութիւն եւ պատերազմ''։ Ան ապա մեկնաբանեց Ծննդոց գիրքի հատուածը որ կը խօսի մարդու ''մեղքի'' մասին, ուր մարդը կը խախտէ արարչութեան ներդաշնակութիւնը եւ իր եղբօր դէմ ձեռք կը բարձրացնէ ու զայն կը սպաննէ։ Այն հարցումը զոր Աստուած կ՛ուղղէ Կայենին ''Ո՞ւր է քու եղբայրդ աբելը'' հարցում մըն է ուղղուած այսօր եւս մեզի - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց - ''Մենք ալ այսօր կը շարունակենք եղբրայրներու միջեւ հակամարտութեան պատմութիւնը։ Այսօր եւս կը թողունք որ մեր եսասիրութիւնը, մեր շահերն ու կուռքերը մեզ առաջնորդեն։ Մեր խիղճը կը ննջէ եւ բնական երեւոյթ նկատելով կը շարունակենք կործանում, ցաւ եւ մահ սերմանել։ Բռնութիւնը, պատերազմը միայն մահ կը յառաջացնեն ու կը խօսին մահուան մասին - յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հարց տալով` ''Կարել՞ի է ուրիշ ճանապարհի դիմել։ Կարել՞ի է դարձեալ խաղաղութեան ճանապարհով ընթանալ։ Ու հաստատեց` ''Աստուծոյ օգնութիւնը հայցելով եւ խաղաղութեան թագուհի ''Salus populi romani'' Տիրամօր նայուածքին տակ, կ՛ուզեմ պատասխանել։ Այո, այս կարելի է բոլորին համար։

Այս երեկոյ կ՛ուզէի որ աշխարհիս չորս ծագերու մէջ աղաղակենք` ''Այո կարելի է բոլորին համար''։ Առ աւելին կ՛ուզէի որ մեզմէ ամէն մին, փոքրիկէն մինչեւ մեծը եւ մինչեւ անոնք որ ազգերը կը կառավարէն միասնաբար պատասխանեն` ''Այո կ՛ուզենք''։ ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ աւելցուց ''իմ քրիստոնեայ հաւատքս զիս կը մղէ նայելու խաչին։ Որքան պիտի ուզենայի որ բոլոր բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները Խաչին սեւեռէին իրենց նայուածքը։ Հոն կարելի է գտնել Աստուծոյ պատասխանը։ Հոն բռնութեամբ պատասխան չի տրուեցաւ բռնութեան, հոն մահուան դէմ մահուան լեզուով չի խօսուեցաւ։ Խաչին լռութեան մէջ, զէնքերու շառաչիւնը կը դադրի, եւ խօսք կ՛առնէ համերաշխութեան, ներումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան լեզուն։

Տիրոջմէ կ՛ուզեմ խնդրել որ այս երեկոյ մենք քրիստոնեաներս եւ միւս կրօններու եղբայրները ու ամէն բարի կամք ունեցող այր ու կին ուժգին աղաղակեն ''բռնութիւնը եւ պատերազմը երբեք խաղաղութեան ճանապարհը չեն։ Թող դադրի զէնքերու ձայնը։ Պատերազմը խաղաղութեան ձախողութիւնը կը նշէ եւ մարդկութեան համար պարտութիւն մըն է -ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերերլով Պօղոս Զ քահանայապետի խօսքը ''' Այլեւս Ոչ երբեք պատերազմ'' ու ապա եզրափակեց` ''Ներում, երկխօսութիւն, հաշտութիւն խաղաղութեան պատկանող բարեր են` սիրեցեալ Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի եւ համայն աշխարհի համար։ Աղօթենք համերաշխութեան եւ խաղաղութեան համար, աշխատինք համերաշխութեան եւ խաղաղութեան համար, եւ ամէնքս դառնանք , ամէն միջավայրի մէջ խաղաղութեան եւ հաշտութեան այրեր ու կիներ։ Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.