2013-09-07 11:48:37

Մելքիթներու Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարքին Կոչը Մալուլա Գիւղաքաղաքին Ի Նպաստ


Ալ Նուսրա ընդդիմադիր խմբակը յարձակում կատարած է Մալուլա քրիստոնեայ գիւղաքաղաքին դէմ, որուն հետեւանքով , բնակիչներու մեծ մասը բախչած է։ Մալուլա, որ 50 քիլոմեդր հեռու է Տամասկոսէն, կը նկատուի որպէս քրիստոնեական աշտանակ մը եւ որուն բնակիչներու բարբառը արամերէն է` Յիսուսի լեզու։ Այս յարձակումը սուրիացիներուն պատճառեց մեծ ցաւ մը անոր պատմական, մշակութային ու հոգեւոր արժէքին համար, յատարարած է մելքիթներու յոյն կաթողիկէ պատրիարքը Կրեկուար Գ Լահամ։ Ծայրայեղ ընդդիմադիրները բռնագրաւեցին գիւղաքաղաքը անձնասպանական յարձակումներ կատարելով ու սպաննելով գիւղաքաղաքին մուտքի զինեալ պահակները։ Ալ նուսրա խմբակը Մալուլան բռնագրաւելով յայտարարեց որ Սուրիոյ քրիստոնեաներու ժամը հնչեց։ Անոնք գիւղաքաղաքի եկեղեցիներու խաչերն ու գմբէթները վար առած են։
Յայտնենք որ Մալուլան մաս կը կազմէ Ունեսքոյիին համաշխարհգային ժառանգութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.