2013-09-07 21:36:02

Հարիւր Հազար Հաւատացեալներ Մասնակցեցան Ծոմի Եւ Աղօթքի Հսկումին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Վրայ։


Շաբաթ 7 սեպտեբերի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կայացած ծոմի եւ աղօթքի հսկումի երեկոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներ որոնց շարքին Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարար Տիար Մարիօ Մաուրօ ու այլ երեսփոխաններ ինչպէս նաեւ Հռոմի քաղաքապետ Տիար Ինիացիօ Մարինոն։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած 20 դեսպաններ։
Անցեալ 1 սեպտեմբերին ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ հռչակուած այս օրուան իրեն մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի իր բնակավայրէն Պենետիկտոս ԺԶ վաստկաւոր քահանայապետը։ Յայտնենք նաեւ որ համայն մարդկութեան ուղղուած ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքի եւ ծոմապահութեան հրաւէրին ընդառաջեցին կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու բազմաթիւ հաստատութիւններ ինչպէս նաեւ իսլամ աշխարհէն ներկայացուցիչներ ու այլ կրօններու պատասխանատուներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.