2013-09-07 09:14:30

Աստուածամօր Ծննդեան Տօնը Լորէթոյի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ


7 - 8 Սեպտեմբեր Իտալիոյ Լորէթոյի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ կը նշուի Մարիամ Աստուածամօր ծննդեան տօնը որ սկիզբ կ՛առնէ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8,30-ին ժամասացութեան արարողութեամբ։
Կիրակի 8 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին նախատեսուած է Սուրբ Պատարագի Հանդիսաւոր արարողութիւնը որուն աւարտին տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ համար ''կանթեղի աւանդական լուսաւորումը'' զոր այս տարի պիտի կատարէ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ` Տիար Բիէդրօ Կրասսօ։
Ժամը 12-ին տեղի կ՛ունենայ ''Լորէթոյ Քաղաքի'' ցուցակի յանձնում։

Ըստ աւանդութեան Լորեթոյի Սրբավայրի մեծ Եկեղեցիին մէջ գտնուող ՝՝Տնակը՝՝ Նազարէթի այն յարկն է ուր բնակած է Տիրամայրը եւ ուր Ողջունուած է Գաբրիէլ Հրեշտակապետէն որպէս ՝՝Լի Շնորհօք՝՝։ Ներկայ Եկեղեցիին կառուցումը սկսած 1468-ին աւարտած է 16.րդ դարու վերջաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.