2013-09-06 09:37:20

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 5 եւ 6 Սեպտեմբերի Թուիթերը։


@Pontifex_it քահանայապետական թուիթերեան կայքի միջոցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը շարունակէ պատգամներ յղել աշխարհի խաղաղութեան ի նպաստ առ ի պատրաստութիւն 7 սեպտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կազմակերպուած աղօթքի եւ ծոմապահութեան հսկումի արարողութեան ։

5 սեպտեմբերին քահանայապետական թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակուեցան հետեւեալ թուիթերը.

''Մակերեսային'' Քրիստոնէութիւն գոյութիւն չ՛ունի։ Յիսուսի հետեւիլ կը նշանակէ հակահոսանք ընթանալ, խուսափելով չարէն եւ եսասիրութենէն։


Ամբողջ ուժովս հակամարտող կողմերէն կը խնդրեմ որ իերնց սեփական շահերով հետամուտ չ՛ըլլան։


Իսկ 6 սեպտեմբերի առաւօտեան հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը`

Խաղաղութիւնը ''բարիք'' մըն է որ կը գերազանցէ ամէն պատնէշ, որովհետեւ ան կը պատկանի համայն մարդկութեան։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ կէսօրին հրատարակած թուիթին մէջ երիտասարդներէն խնդրեց որ իրեն միանան աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար` ''Սիրելի երիտասարդներ` իմ հետս աղօթեցէք աշխարհի խախաղութեան համար''։ Գրեց ֆրանչիսկոս Պապը








All the contents on this site are copyrighted ©.