2013-09-06 10:44:29

Քրիստոնեայի Հաւատքին Իսկական Կեանքը


Ինչպէ՞ս կարելի է գերբնական հարազատ կեանքով ապրիլ: Կարելի է գերբնական հարազատ կեանք ապրիլ շնորհքի, հաւատքի եւ հրաբորբոք սիրոյ կեանք վարելով:
Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք»: «Ես եմ Յարութիւն եւ կեանք»:
Աստուած մեզի նոր կեանք պարգեւեց իր Որդւոյն միջոցաւ: Արդարեւ, ով որ կ՛ընդունի Որդին ընդունած կ՛ըլլայ նաեւ կեանքը. ով որ չընդունիր Աստուծոյ Որդին կեանքն ալ չունի:
Քրիստոս, Աստուծոյ Որդին մեր մէջն է, երբ Աստուծոյ շնորհքին մէջն ենք, Քրիստոսի միացած ենք աստուածային սիրով: Այն ատեն սոսկ կրնանք կրկնել Պօղօս առաքեալին հետ. «Կենդանի եմ այսուհետեւ, ոչ ես, այլ Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս»:
Ս. Պօղոս հռոմէացիներուն գրած թուղթին մէջ կ՛ըսէ. «Արդարն իր հաւատքով պիտի ապրի»: Մենք քաջ գիտենք ու կը զգանք թէ եղած չենք հոս երկրի վրայ յաւիտենապէս ապրելու, այլ սահմանուած ենք բարձրագոյն քաղաքի մը, որուն ցանկալու ենք, դիմելու ենք շարունակ: Ուստի մեր բովանդակ կեանքի ուղղուած ըլլալու է դէպի այդ կեանքը, այլապէս աննպատակ է մեր գոյութիւնը` եթէ ուղղուած չէ առ այդ նպատակ:
Արդարեւ ինչպէս ուխտաւոր մը, ճամբորդ մը իր կէտ նպատակին հասնելու համար իր մեկնակէտէն կ՛ուղղուի դէպի իր առաջադրած նպատակին եւ կ՛առաջանայ միշտ ուղղուած դէպի հոն, այսպէս մենք ալ հրաժարելու ենք ամէն բանէ որ Աստուած չէ, ուղղուելու ենք եւ ընթանալու ենք միշտ դէպի Աստուած` փնտռելով ամէն բանի մէջ Աստուծոյ բարեհաճութիւնը, արդիւնք վաստակելով բարեգորութիւններով եւ աճելով Աստուծոյ գիտութեան մէջ: Հետեւաբար մեր համակ վստահութիւնը իր վրայ դնել, կուրօրէն առաջնորդուիլ իրմէ, ամէն բան յուսալ իրմէ, որ սոսկ կրնայ դարմանել մեր բնական տկարութիւնը: Չվհատելու համար այս կեանքի դժուարութեանց մէջ, առաքինութեան պահանջած խստակեցութեան մէջ, սիրել զինքը մեր բոլոր զօրութեամբը, հաւատարմաբար պահելով ոչ միայն իր պատուիրանները, այլ նաեւ աւետարանական խրատները ցանկալով հասնիլ կատարելութեան, ի գործ դնելով կատարելութեան գործեր, հրահանգուելով անխոնջ սրբութեան մէջ, ընդօրինակելով կատարելութեան գերագոյն տիպարը` Յիսուս Քրիստոս, ինչպէս արուեստագէտները իրենց արուեստը կատարելագործելու համար` կ՛ընդօրինակեն լաւագոյն վարպետները:
Երրորդ պայմանը` ապրիլ հրաբորբոք սիրոյ կեանքով: «Պիտի սիրես Տէր Աստոածդ քու բոլոր սրտովդ, քու բոլոր հոգիովդ եւ քու բոլոր զօրութեամբդ», ըսաւ Տէրը, Իսրայէլի ժողովուրդին Սինայ լերան վրայ:
Աստուած Երեմեայ մարգարէնին բերնով ըսաւ. «Տիրոջ գործը հեղգութեամբ կատարողը` անիծեալ ըլլայ»: Որով Սուրբ Պօղօս կը յորդորէ մեզ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ եռանդուն ըլլալ հոգւով: Եթէ մենք եռանդուն չենք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ` մեզի ալ պիտի պատշաճի այն յանդիմանութիւնը, զոր ըրաւ Լաւոդիկէի Եպ.ին . «Գիտեմ քու գործերդ. ոչ տաք եւ ոչ ալ պաղ: Այլ դուն գաղջ ես, ոչ պաղ, ոչ ալ տաք, անոր համար պիտի փսխեմ քեզ բերնէս»:
Եթէ չենք ուզեր արժանանալ այսպիսի յանդիմանութեան` այն ատեն հետեւելու ենք այն խրատին, որ կը տրուի նոյն Եպ.ին` կրակէ անցած ոսկին ունենալ, որ է ըսել հրաբորբոք սէր, եռանդուն հոգի ունենալ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.