2013-09-06 09:59:06

Փենթակոն. «Սուրիոյ Դէմ Հարուածը Ուժգին Պիտի Ըլլայ» Քսաններու Ղեկավարները Սուրիոյ Հարցը Կը Քննարկեն Դռնփակ Ընթրիքի Ընթացքին


Երէկ կէսօրէ ետք, Ս. Փեթերսպուրկի Քոնսթանթինովսքի պալատին մէջ ընթացք առաւ Քսաններու խմբակին երկօրեայ վեհաժողովը: Բացման նիստին ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուած էր, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները իրարու քով չնստին:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վեհաժողովի բացման իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցը պիտի քննարկուի գիշերը` դռնփակ ընթրիքի մը ընթացքին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մնացեալ հիւրերէն քսան վայրկեան ուշ հասաւ նշեալ ընթրիքին: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ան հանդիպում կ’ունենար այլ ղեկավարի մը հետ:
Փենթակոն երէկ յայտարարեց, որ եթէ Օպամա Սուրիան հարուածել հրամայէ, ապա այդ հարուածը ուժգին պիտի ըլլայ: Մինչ այդ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Օպամա յառաջիկայ շաբաթ Քալիֆորնիա նախատեսուած իր այցելութիւնը չեղեալ նկատած է, որովհետեւ Քոնկրեսին ներկայացուած Սուրիոյ վերաբերեալ որոշումին յաջողութեան համար կ’ուզէ աշխատիլ, ուստի Ուաշինկթըն պիտի մնայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.