2013-09-06 10:35:17

Վերջին Յարգանք Լեւոն Անանեանին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 5 Սեպտեմբերին Երեւանէն, մարզերէն ու Սփիւռքէն գրողներ ու մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ հաւաքուած էին Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ՝ վերջին հրաժեշտ տալու Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանին: Հոգեհանգստեան կարգէն ետք Լեւոն Անանեանին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան պանթէոնին մէջ: Յուղարկաւորութեան արարողութեան կը մասնակցէր նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը:
Գրողներու միութենէն հարիւրաւոր մարդիկ Բաղրամեան պողոտայով ուղղուեցան պանդէոն՝ ցաւի ու ափսոսանքի զգացումով: Երեւանն ու ողջ Հայաստանը այսպիսով կորսնցուց Լեւոն Անանեանի կենսուրախութիւնն ու ստեղծագործական, կազմակերպչական ջիղը:







All the contents on this site are copyrighted ©.