2013-09-06 10:35:59

Սուրիոյ Գաղթականներուն Թիւը Հասած Է 2 Միլիոնի


ՄԱԿ.- «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ըստ ՄԱԿի նորագոյն տուեալներուն՝ Սուրիայէն հեռացած գաղթականներուն թիւը հասած է երկու միլիոնի: ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով յանձնակատարը զեկուցումի մը մէջ գրած է, թէ «Սուրիոյ դէպքերը դարձած են մեր դարու մեծ ողբերգութիւնը, ժամանակակից պատմութեան ամօթալի աղէտը: Եթէ իրավիճակը չկայունանայ, ապա գաղթականներուն թիւը պիտի շարունակէ աճիլ»: Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ ամէն օր, միջին հաշիւով, հինգ հազար մարդ Սուրիայէն կը հեռանայ: Յուլիսին հաղորդուած տեղեկութեանց համաձայն, Սուրիայէն հեռացած գաղթականներուն թիւը 1.8 միլիոն







All the contents on this site are copyrighted ©.