2013-09-06 13:24:53

Յորդանանի Վեհաժողովին Մահմետականներն Ու Քրիստոնեաները Կանչուած Են Միասնաբար Պայքարելու Կրօնական Ծայրայեղութեան Ու Ահաբեկչութեան Դէմ։


Միջին Արեւելքի եկեղեցիները սեպտեմբերին սկիզբը բանակցեցան շրջանի բարդ հարցերուն մասին. քրիստոնեաներու դէմ հալածանք, պատերազմ եւ արեւանգում։
3 սեպտեմբեր 2013-ին Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամանի մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցապետերու վեհաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան այդ շրջանի հայող բարդ հարցերը եւ քրիստոնեաներու դիմագրուած մարտահրաւէրները. պատերազմ, բռնութիւն, արեւանգում։
Շուրջ 70 անձնաւորութիւններ` պատրիարքներ, պատրիարքական տեղապահներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, երկու օրերու ընթացքին բացայայտօրէն փոխանակեցին իրենց տեսութիւնները ու շրջանին մէջ տիրող եւ յեղաշրջող կացութիւնները Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Պաղեստին եւ Յորդանան։
Վեհաժողովը գումարուեցաւ Յորդանանի Ապտալլա արքային նախաձեռնութեամբ։ Գերապայծառ Լահամ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտարարած է որ Յորդանանի արքայական ընտանիքը այդ գումարով ուզեց քաղել կարծիքներ, տեղեկութիւններ որպէսզի կարենայ դրականօրէն սատարել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու յուզող հարցերու լուծումին։
Երուսաղէմի օրթոտոքս պատրիարք՝ Թէոֆիլոս իր խօսքին մէջ շեշտեց որ համակեցութիւնը էութիւնն է շրջանի կեանքին եւ քրիստոնեայ արաբները շրջանի բնիկներն են եւ սպառնալիքը յառաջ չի գար տեսութիւններու տարբերութիւններէն այլ ծայրայեղներէն։ Պատրիարքին համար երկխօսութիւնը եւ ոչ պատերազմը բանալին է շրջանի ընդհարումներու լուծումին։
Յայտնենք որ վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին կարտինալ Թոռանը` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, յոյն օրթոտոքսներու Անտիոքի Եազճի պատրիարքը եւ Երուսաղէմի լատիններու ֆուատ Թուալ պատրիարքը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ապտալլահ թագաւորին ու անոր եղբօր իշխան Ղազիին, վեոյիշեալ նախաձեռնութեան համար։ Յորդանանի թագաւորն ու ընտանիքը պահակներն են ս. երկրի մահմետական ու քրիստոնեայ կալուածներու։ Ապտալլահ թագաւորը իր խօսքին մէջ ըսաւ արաբական աշխարհը պարտականութիւնը ունի պաշտպանելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, որովհետեւ արաբ քրիստոնեաները մեծապէս սատարած են արաբական աշխարհի ընկերութիւններու զարգացումին ու պաշտպանած արաբական ազգին արդար պահանջները յաչս միջազգային ընկերութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.