Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորակերտ դպրեվանքի հիմնարկութեան 50-ամեակի առթիւ,
տեղի պիտի ունենան տօնական հանդիսութիւններ յիշելու համար այս մեծ եղելութիւնը: Զմմառու
դարաւոր վանքը իր անցեալով և ներկայով «իբրեւ Խանձարարուրը Կիլիկեան Պատրիարքութեան Կաթողիկէ
Նոր Շրջանին», աճեցաւ ու բարգաւաճեցաւ շնորհիւ Դպրեվանքին, որ կը գտնուէր հայ կաթողիկէ
հայրապետներու և միաբան հայրերու հոգատարութեան ներքեւ: Դպրեվանքի տեսչութիւնը շարք
մը տօնական միջոցառումներ պիտի կատարէ, որոնցմէ առաջինը՝ Կիրակի 8 Սեպտեմբեր 2013-ին,
Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնին օրը: Այս առթիւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր
մը պիտի ներկայացուի դպրեվանքի շրջափակէն ներս: