2013-09-06 11:16:51

Բանամայի Մէջ Նախատեսուած Են Ամերիկեան Առաջին Թեմի Հաստատման 500րդ Յոբոլեանին Եզրափակիչ Արարողութիւնները։


Ուրբաթ 6 սեպտեմբերին Բանամայի բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ կայանալիք Բանամայի Պահպան սրբուհի ''ԼաԱնդիկուա'' Սուրբ կոյս Մարիամի ի պատիւ երրօրեայ մարեմեան աղօթքով, սկիզբ կ՛առնեն Ամերիկեան ցամաքամասի առաջին թեմի հաստատման 500րդ Յոբելինական Եզրափակիչ տօնակատարութիւնները։
Մինչ կիրակի 8 սեպտեմբերի յետմիջօրէին Բանամայի մայրաքաղաքի ծովափի տարածքին նախատեսուած է թափօր մը որ վերջ կը գտնէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած նախատօնակի Սուրբ պատարագով։ Իսկ երկուշաբթի 9 սեպտեմբերի արեւածագէն սկսեալ նախատեսուած են մարեմեան տաղերու ներկայացում, սուրբ վարդարանի բարեպաշտական աղօթք եւ եզրափակիչ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։ Յայտնենք որ յոբելինական տօնակատարութիւնները սկիզբ առած էին 2012-ի 28 նոյեմբերին, Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ եւ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ` Կարտինալ Մարք Ուելլէի գլխաւորած Սուրբ Պատարագով որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին բոլոր եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.