2013-09-05 11:43:26

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թութերեան Կայքի Հետեւորդներու Թիւը Գերազանցեց 9 Միլիոնը։


@Pontifex Քահանայապետական թուիթերեան 9 լեզուներով կայքի հետեւորդներու թիւը, 9 ամսուայ ընթացքին, գերազանցեց 9 միլիոնը։
Հետեւորդներու ամենաբարձր թիւը սպանական լեզուի հետեւորդներունն է` 3 միլիոն 600 հազար ապա կու գայ անգլերէնը 2 միլիոն 920 հազար, հուսկ իտալականը 1 միլիոն 53 հազար։ Փորդուկալերէն լեզուն ունի 738 հազար հետեւորդ, ֆրանսերէնը 186 հազար, Լատիներէնը 159 հազար, գերմաներէնը 138 հազար, Լեհերէնը 121 հազար եւ ի վերջոյ արաբերէնը 86 հազար։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս օրերուն իր թուիթերեան կայքի միջոցաւ կը հրատարակէ Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս կարգ մը թուիթներ առ ի պատրաստութիւն Սրբազան Քահանայապետի հռչակած յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի աղօթքի եւ հսկումի երեկոյթին որուն իրենց մասնակցութիւնը ապահովեցին հազարաւոր հաւատացեալներ ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչեր եւ այլ կրօններու պատասխանատուներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.