2013-09-05 09:45:48

Փութին Ստախօսութեամբ Կ՛ամբաստանէ Քերին


ՄՈՍԿՈՒԱ, ԱՄՄԱՆ, «Էյ.Փի.», «Ռոյթըրզ».- Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ գծով բանավէճը աւելիով սրեցաւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին, երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստախօսութեամբ ամբաստանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերին՝ ակնարկելով քոնկրեսականներու առջեւ անոր կատարած այն պնդումին, թէ Սուրիոյ մէջ իշխանութեանց դէմ կռուող ընդդիմադիր խմբաւորումներուն մէջ «Քայիտա»ի զինակիցները հիմնական ուժը չեն կազմեր:
««Քայիտա»ի ջոկատները ընդդիմադիրներուն գլխաւոր ուժը կը կազմեն եւ անոնք (ամերիկացիները) շատ լաւ գիտեն այս մէկը: Ան (Քերին) պարզապէս կը ստէ եւ ինք գիտէ՛, որ կը ստէ», ըսաւ Փութին:
Աւելի կանուխ, Փութին յայտարարած էր, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուած նախատեսող որոշումի մը Ռուսիոյ աջակցութիւնը չի բացառեր, եթէ փաստուի, որ քիմիական զէնք օգտագործուած է Սուրիոյ վարչակարգին հաւատարիմ ուժերուն կողմէ, միաժամանակ, ան շեշտեց, թէ «տրամաբանական չէ», որ վերջին քանի մը ամիսներուն ռազմական գետնի վրայ յառաջխաղացք արձանագրող կանոնաւոր բանակ մը քիմիական զէնք օգտագործէ:
Նաեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Քերի անցած քանի մը օրերուն Սուրիոյ հարցը քննարկելու համար Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հաղորդակցութեանց մէջ մտնելէ զգուշացած է:
Իր կարգին, Լաւրով դարձեալ յայտնեց, թէ «առանց Ապահովութեան խորհուրդի հաւանութեան՝ Սուրիոյ մէջ բռնի ուժի կիրարկումը անընդունելի է»:
Լաւրով նաեւ ցաւ յայտեց, որ «Միացեալ Նահանգներ տակաւին չկրցաւ սուրիական ընդդիմութիւնը համոզել, որ մասնակցի «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին:
Նաեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Սերկէյ Վերչինի յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ հարուածը օրինական պիտի չըլլայ եւ ամբողջ միջազգային յարաբերութեանց համակարգը պիտի հարուածէ»՝ շեշտելով, որ «ուժի օգտագործումը սպասուած արդիւնքը պիտի չտայ, այլ՝ հակառակ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, որ եթէ քիմիական զէնքի օգտագործման չհակադարձուի, ապա զայն դարձեալ օգտագործելու հաւանականութիւնը պիտի աճի: Ան աւելցուց, թէ Քոնկրեսին հաւանութիւնը ստանալու նպատակով իր կոչը չի նշանակեր, որ եթէ Քոնկրեսը ընդդիմանայ այդ քայլին՝ կառավարութիւնը յարձակումի մը պիտի չդիմէ:
Օպամա յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ Քոնկրեսը Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական միջոցառման ի նպաստ պիտի քուէարկէ եւ թէ Ուաշինկթըն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերը պարտութեան մատնելու համար զինեալ ընդդիմութեան օգնելու աւելի լայն ծրագիր մը կը մշակէ: Ան վերահաստատեց, որ ամերիկեան հարուածը պիտի ըլլայ սահմանափակ, այլ ոչ թէ՝ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի պատերազմներուն կրկնութիւնը: Կը նախատեսուի, որ Քոնկրեսը Սեպտեմբեր 9ին այս հարցով քուէարկութիւն կատարէ:
Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ին յայտնեց, որ Դամասկոս Թուրքիան եւ Յորդանանը պիտի հարուածէ, եթէ անոնք Սուրիոյ դէմ որեւէ ռազմական գործողութեան մասնակցին:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յոյս յայտնեց, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Սեպտեմբեր 5ին նախատեսուած «Քսաններու խմբակ»ի գերաստիճանին ընթացքին, Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքով ենթադրեալ յարձակումին հակադարձելու հարցով միջազգային համաձայնութիւն մը գոյանայ: Ան Գերմանիոյ խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «մենք յստակ կ՛ըսենք, որ Գերմանիա (Սուրիոյ մէջ) որեւէ զինուորական գործողութեան պիտի չմասնակցի, սակայն կ՛աւելցնենք, որ կ՛ուզենք կարելին ընել միջազգային ընտանիքին կողմէ միացեալ հակադարձութեան մը հասնելու համար»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարելու կարեւորութիւնը կը հաստատէ՝ հակառակ սուրիական իշխանութեանց դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու արեւմտեան երկիրներու մտադրութեան:
Նաեւ, ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ըստ բարձրաստիճան զինուորական աղբիւրի մը՝ Ռուսիա Չորեքշաբթի օր արեւելեան Միջերկրական ծով ուղարկած է երեք մարտանաւեր, Ռուսիոյ ազգային շահերը պաշտպանելու նպատակով:







All the contents on this site are copyrighted ©.