2013-09-05 15:53:56

Վատիկանի Արտգործ Նախարար Գերապայծառ Մամպերթիի Ելոյթը Ս. Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած Դեսպաններու ''Սուրիոյ Տագնապի'' Վերաբերող Ժողովին


Վերոյիշեալ ժողովին ընթացքին խօսք առաւ
Վատիկանի արտգործ նախարար Գերապայծառ Տոմէնիքօ Մամպէրթին՝ որ ներկաներուն յայտնեց թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մօտէն կը հետեւի Միջին արեւելքի մէջ տիրող դժուար կացութեան, ու յատկապէս Սուրիոյ տագնապին ուր ամիսներէ ի վեր Սուրիացի ժոովուրդը թիրախ է բռնութիւններու եւ սպաննութիւններու։Գերապայծառ Մամպերթի իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ անցեալ 21 օգոստոսին տեղի ունեցած յարձակումներու հետեւանքով հարիւրաւոր անմեղ զոհերուն եւ այդ յարձակումներու համաշխարային կարծիքի մէջ յարուցած սարսափին, մտահոգութեան եւ քիմիական զէնքի օգտագործման։ կասկածին։
Այսպիսի իրողութիւններու առջեւ անկարելի է լուռ մնալ եւ Սուրբ Աթոռը կը յուսայ որ պատկան իշխանութիւնները յստակացնեն հարցը եւ արարքի պատասխանատուները արդարութեան հաշիւ տան։

Գերապածառ Մամպերթին ապա յայտնեց թէ ինչպէս Սուրբ Սթոռը հակամարտութեան առաջին օրէն մօտիկ կանգնած է սուրիոյ ժողովուրդին աղաղակին ու ցաւին, բազմաթիւ ձեռնարկներով։ Մամպերթի յատկապէս նշեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս ուղղութեամբ յանձնառումը բռնութիւններու դադրեցումի անհրաժեշտութիւնը ի տես 4 միլիոն գաղթականներուն եւ 110,000 մեռեալներուն յայտնելով մտավախութիւնը որ բախումները աննախընթաց հետեւանքը՝ վարակէ մօտակայ երկիրներն եւ աշխարհի զանազան այլ շրջաններ։

Վատիկանի դիւանագէտը այս ուղղութեամբ ապա նշեց Սուրբ Աթոռի կողմէ ներակայացուած առաջարկներ Սուրիոյ ապագայի համար որոնք կը հիմնուին 3 գլխաւոր կէտերու վրայ։

Ա. Նախ եւ առաջ աշխատիլ կողմերու միջեւ վերհաստատելու երկխօսութիւնը եւ Սուրիոյ ժողովուրդին միջեւ հաշտութիւնը։
Բ. Ապահովել երկրին միասնականութիւնը, խուսափելով ընկերութեան զանազան խաւերուն համար տարածային տարբեր շրջաններ ստեղծելէն։
Գ. Ի վերջոյ երկրին միասնականութեան կողքին երաշխաւորել նաեւ տարածքային ամբողջականութիւնը։

Գերապայծառ Մամպերթին հուսկ յայտնեց թէ ''Կարեւոր է բոլոր խումբերէն, մասնաւորապէս անոցմէ որ կը ձգտին կարեւոր դիրք ունենալ երկրի ապագայի վարչակարգին մէջ, խնդրել որ վաղուայ Սուրիոյ մէջ բոլոր փոքրամասնութիւններուն տեղ ապահովուի նաեւ քրիստոնեաներուն։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց հրաւէր ուղելով սուրիոյ ժողովուրդին եւ ընդդիմութեան անդամներուն որ հակառակին ահաբեկչութեան արարքներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.