2013-09-04 10:03:04

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ 15րդ Ունկնդրութիւնը։


Ամառնայաին դադարէն ետք այսօր 4 սեպտեմբերին դարձեալ սկիզբ առին ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները, տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Արդարեւ իր Քահանայապետ ընտրուելէն ասդին ֆրանչիսկոս Պապը, 27 մարտէն մինչեւ 26 յունիս, կատարած է 14 հրապարակային ունկնդրութիւններ որոնց ներկայ գտնուած են աւելի քան 825 հազար հաւատացեալներ, ըստ Քահանայապետական Տան հրատարակած տուեալներուն որոնք հիմնուած են խումբերու եւ հաւատացեալներու կողմէ ներկայացուցած խնդրագիրներու վրայ առանց հաշուի առնելու հարիւրաւոր այլ հաւատացեալները որոնք ամէն չորեքշաբթի կը խուժեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ունկնդրելու համար Քահանայապետի պատգամը։
Չորեքշաբթի 4 սեպտեմբերի ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եւրոպայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւն մը որ Սրբազան Հօր յանձնեցին գիրք մը որ կը պարունակէ Եւրոպայի զանազան արուարձաններու մանուկներու նամակներ ուղղուած Սրբազան Քահանայապետին։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Սան Մարինոյի Հանրապետութեան կառավարիչներ` Անդոնէլլա Մուլարոնի եւ Տէնիս Ամիչի, Սան Մարինոյի հանրապետութեան հիմնակրկութեան 1713-րդ տարեդարձին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.